2015-05-21 08:44:00

Ֆիլիփինեան կղզեխումբի 2-րդ ազգային գիտաժողովը` նուիրուած աղքատներու տարուան։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 30 մայիսին Ֆիլիփինեան կղզեխումբի բոլոր քաղաքներէն 6 հազար պատուիրակներ Փազա Սիթիյի մէջ կը համախմբուին նոր աւետարանութեան ազգային 2-րդ գիտաժողովին առթիւ, զոր այս տարի  նուիրուած է ''Աղքատներու Տարւոյն''։

Ձեռնարկը մաս կը կազմէ ''Ինը տարի նոր աւետարանութեան'' ծրագիրին նախաձեռնուած եպիսկոպոսական դասի կողմէն առ ի պատրաստութիւն երկրին աւետարանումին 5-րդ դարադարձին զոր տեղի պիտի ունենայ 2021-ին։

2013-ին սկիզբ առած ''Ինը տարիները'' 2013 եւ 2014 տարեշրջաններուն  խորհրդածեցին  հաւատքի ամբողջական կազմաւորումի եւ աշխարհականներու դերի մասին, որպէս աւետարանումի եւ ընկերութեան յեղաշրջումի դերակատարներ։ Այս տարի եկեղեցւոյ յանձնառումը յատկացուած է աղքատներուն ''Աղքատները կը ներկայացնեն Յիսուսի ներկայութիւնը մեր մէջ''  յայտնած է եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը` գերապայծառ Սոքրաթէս Վիլլէկասը եւ աւելցուցած. ''Նայեցէք Յիսուսին, նայեցէք աղքատներուն ու ապա նայեցէք դուք ձեզի ու պիտի հասկնանք թէ աղքատ ենք եւ Յիսուսին կը կարօտինք։ Յիսուսին նայիլ կը նմանի նայիլ հայելիի մը եւ գիտակցիլ թէ ո՞վ ենք իսկապէս'' հաստատած է գերապայծառ  Սոքրաթէս Վիլլէկաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.